զատած էք՝

Հեղինակ՝ Արմենակ Եղիայեան
Էջերու քանակ՝ 861
Հրատարակիչ՝ «ԱՐԻ գրականության հիմնադրամ»
Հրատարակութեան թուական՝ 2022
Արեւմտահայերէնի ուղեցոյց
Լեզուաբանական ուսումնասիրութիւն
Արեւմտահայերէնի Ուղեցոյցը օրէնքներու եւ կանոններու հսկայական շտեմարան մը կը հրամցնէ բոլոր անոնց որ արեւմտահայերէն գրելով կը զբաղին։
Հեղինակը՝ Արմենակ Եղիայեան, իր մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան յառաջաբանին մէջ կ՚ըսէ՝ «Այս աշխատութիւնը յառաջ տարուած է հիմնուելով հին թէ նոր հայերէնի բոլոր արտայայտութիւններուն՝ յատկապէս արեւմտահայ վերջին 150 տարուան գրական երկերու, մամուլի, դասագիրքերու, դպրոցական հանդէսներու, այլեւ շարադրութիւններու, անհատական բնոյթի գրութիւններու, ցուցանակներու, գրաւոր ազդերու, տոմսակներու եւ այլնի վրայ»։
861 էջնոց այս հսկայական գիտելիքներու ամբարը կարելի է գործածել երկու ձեւաչափով։ Կարելի է որպէս ելեկտրոնային գիրք ամբողջութեամբ ներբեռնել, եւ կամ Նայիրի բառարաններու կայքէջին վրայ իւրաքանչիւր բաժինին առանձին հասնիլ։
Գիրքին հրատարակութիւնը հովանաւորուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։
Հետեւեալ նիւթերը կրնան ձեզ հետաքրքրել

Նայիրի կայքէջէն նշումներ՝ բարբառներ
Հայերէն բարբառներու աղբիւր

Արեւմտահայերէնի քերականութիւն - Ա.
Լեզուաբանական ուսումնասիրութիւն
Յակոբ Չոլաքեան

Նայիրի
Բառարաններու եւ հայերէնի թուային գործիքներու կայքէջ

Նայիրի-Ստեղն
Խելախօսի սրբագրիչ յաւելուած
